2012-08-03 10:50:53

Հալէպի Յոյն Կաթողիկէ Առաջնորդ` Մետրապոլիտ Ժանպարթի Ելոյթը Հալէպի Ներկայ Կացութեան Մասին։


Ներկայիս Հալէպի արուարձաններու մէջ տեղի կ'ունենայ զինեալ բուռն բախում մը ընդդիմադիրներու եւ բանակի միջեւ։
Ընդդիմադիրները օտար ուժերու օգնութեամբ կը յուսան բռնագրաւել քաղաք մը որ միշտ եղած է Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը։ Հալէպի բնակիչներու միջեւ կը տիրէ համերաշխութիւն քանի անոնք մեծամասնութեամբ սիւննի եւ քրիստոնեայ են եւ իրարու հետ, դարերէ ի վեր, միշտ համագործածկցած ու համերաշխ ապրած են։
Ընդդիմադիրները քաղաքին մուտքերը գրաւած են։ Քրիստոնեաները թէեւ կ'ապրին կեդրոնական թաղամասերու մէջ սակային վախի մէջ են։ Անոնք կը հաշուեն շուրջ 160-165 հազար։ Բախումներու պատճառաւ բնակիչները տուներու մէջ պատսպարուած են, խանութները փակ եւ գործարանները չեն գործեր։ Ասիկա ողբերգական կրնայ դառնալ եթէ ներկայ կացութիւնը երկարի։ Քրիսոնեաները չեն վախնար Հալէպի մահմետականներէն եւ անոնց մէջ քիչ են ընդդիմադիրները։ Բռնութեան այս կացութիւնը կարող է մոլեռանդութիւնը յառաջ բերել կը հաստատէ Յոյն Մելքիդ համայնքի առաջնորդը։ Օտար ոյժերը որոնք մուտք կը գործեն Թուրքիայէն, Իրագէն, Լիբանանէն եւ Յորդանանէն մեծապէս կը վախցնէ քրիստոնեաները, քանի անոնք մահմետական մոլեռանդներ են որոնք կ'ուզեն կրօնական պատերազմ հռչակել։ Անոնցմէ ոմանք ոչ իսկ արաբերէն կը խօսին։ Ի տես այս վախազդու կացութեան եկեղեցիները, որ կազմուած են 11 համայնքներէ` վեցը կաթողիկէ, երեք օրթոտոքս եւ երկու բողոքական, ստեղծեցին շտապ օգնութեան կոմիտէ մը օգնութեան հասնելու համար կարօտեալ հաւատացեալներուն։
Մետրապոլիտ Ժանպարթ իր ելոյթը եզրափակեց հաստատելով որ Արեւմուտքը եթէ իրապէս կ'ուզէ Սուրիոյ ժողովուրդին բարիքը պէտք է նեցուկ կանքնի երկխօսութեան ու ծայրայեղ ընդդիմադիրներու զէնք հայթայթելը դադրեցնէ ։ Զէնքի ոյժով հանրավարութիւնը չի հաստատուիր, հարկաւոր է ամէն կարելին ընել խաղաղութեան ճամբով լուծելու Սուրիոյ քաղաքական հարցը։
Յայտնենք որ ընդդիմադիր կոչուած բանակը կազմուած է Սուրիոյ բանակի դասալիքներէ, քաղաքացիներէ եւ անծանօթ ծայրայեղ մահմտական օտարներէ, որոնց մտահոգութիւնը ոչ թէ Սուրիոյ մէջ հանրավարութեան ստեղծումն է այլ պատժել անհաւատները սկսեալ ալուիթներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.